image

Ռաֆֆի Յովհաննէսեան թեկնածու՝ Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնին

Ռաֆֆի Յովհաննէսեան թեկնածու՝ Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնին

20 օգոստոսի նիստին «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան վարչութիւնը որոշած է Երեւանի աւագանիի` 23 սեպտեմբերին նշանակուած արտահերթ ընտրութիւններուն քաղաքապետի թեկնածու առաջադրել «Ժառանգութեան» հիմնադիր Րաֆֆի Յովհաննիսեանը:

 

«Ժառանգութեան» ցուցակին մէջ պիտի ընդգրկուին կուսակցութեան ներկայ նախագահ եւ ԱԺ նախկին պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեանը, որ պիտի ղեկավարէ քարոզարշաւը, քաղաքացիական իրաւունքի պաշտպան Յովսէփ Խուրշուտեանը, ինչպէս նաեւ աւագանիի աւելի քան 50 թեկնածուներ` մասնագիտական, մտաւորական, կանանց եւ երիտասարդական շրջանակներու ու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ:

 

Յուլիսի վերջը «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնի համար առաջադրած էր դերասան Հայկ Մարութեանի թեկնածութիւնը:

 

Այսօր Արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեան յայտատարեց, որ «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւններու դաշինքի ցուցակը՝ Քաղաքապետի ընտրութիւններուն՝ պիտի գլխաւորէ ինքը: