image

Ի հեճուկս անձրեւի՝ բոլորս դէպի ընտրական տեղամասեր. Փաշինեան

Ի հեճուկս անձրեւի՝ բոլորս դէպի ընտրական տեղամասեր. Փաշինեան

Ի հեճուկս անձրեւի՝ բոլորս դէպի ընտրական տեղամասեր»,-ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար, «Իմ քայլը» դաշինքի ընտրացուցակի առաջին համարը ներկայացնող Նիկոլ Փաշինեանը:

Այսօր ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններ են։ Հայաստանի 13 ընտրական տարածքներու  2010 տեղամասերու մէջ, ըստ ընտրողներու գրանցման, քուէարկելու իրաւունք ունի 2 միլիոն 573 հազար 779 մարդ: 

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կը մասնակցի 11 քաղաքական ուժ՝ 9 կուսակցութիւն եւ 2 դաշինք: Մասնակցող ուժերն են՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, «Քաղաքացու որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնը, «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութիւնը, «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքը, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը, «Քրիստոնեայ-ժողովրդական վերածնունդ» կուսակցութիւնը, «Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւնը, «Մենք» դաշինքը, «Օրինաց Երկիր» կուսակցութիւնը, «Սասնայ ծռեր» կուսակցութիւնը եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը: