image

Մենք հետեւողական պիտի ըլլանք Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ. Նիկոլ Փաշինեան

Մենք հետեւողական պիտի ըլլանք Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ. Նիկոլ Փաշինեան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցի առթիւ ուղերձ յղած է, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Այսօր մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին։

Հայոց ցեղասպանութեան առանձնայատկութիւններէն է այն, որ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդը ոչ միայն բնաջնջուած է ֆիզիքապէս, այլ նաեւ զրկուած է իր հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքէն: Մեզ հետեւողականօրէն զրկած են այն հողէն, ուր հազարամեակներու ընթացքին ձեւաւորուած էր եւ կը զարգանար հայկական մշակոյթը, հայկական ինքնութիւնը: Երկրի երեսէն ջնջուած է հայկական ինքնութիւնը կազմող մշակութային ժառանգութիւնը՝ հազարաւոր դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ վանքեր: Ոչնչացուած են հայկական մշակոյթի էութեան կրողները՝ անոր մտաւորականութիւնն ու հոգեւորականութիւնը: Այդ հսկայական հարուած էր ոչ միայն հայ ժողովուրդին, անոր մշակոյթին ու անոր մշակութաբանական տեսակին, այլ նաեւ մարդկային ողջ քաղաքակրթութեան: Անդառնալիօրէն կորսուած է համաշխարհային մշակոյթի մաս կազմող ուրոյն եւ ինքնատիպ շերտ մը: Հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութեանբ անդառնալիօրէն փոխուած է ողջ տարածաշրջանի մը մշակութային պատկերը։ Մի՞թէ այս յանցագործութիւն չէր մարդկութեան դէմ։

Ոճրագործը ոչնչացուց մեր բանաստեղծերը՝ անոնց, որոնք կը կազմէին մեր խիղճը, մեր ինքնութեան առանցքը։ Ուստի մեր շարունակական պայքարը մեր էութեան, մեր տեսակի պահպանութեան համար է։ Մոռնալով անոնց յիշատակը, մոռանալով անոնց մշակութային ժառանգութիւնը՝ մենք կը դաւաճանենք մեր էութեան։ Անոնց յիշատակը վառ պահելով, պայքարելով արդարութեան վերականգնման համար՝ մենք ձեռք կը բերենք անմահութիւն։ Ուստի մենք հետեւողական պիտի ըլլանք Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ»: