image
Հրատապ լուրեր:

Ընթացք առաւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան 5-րդ համագումարը

Ընթացք առաւ «Քաղաքացիական պայմանագիր»  կուսակցութեան 5-րդ համագումարը

«Քաղաքացիական պայմանգիր» կուսակցութիւնը այսօր՝ 16 յունիսին, կը կայացնէ իր 5-րդ համաժողովը։ ՔՊ-ական, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեանը նշեց, որ գրանցուած է 313 պատուիրակ՝ ընդհանուր 449 պատուիրակէն, եւ յայտարարեց համաժողովի մեկնարկը։

Համաժողովը պիտի ընտրէ վարչութեան նոր կազմ, ընտրութիւնը պիտի կատարուի վարկանշային փակ քուէարկութեամբ, առաջադրուած 51 թեկնածուներէն առաւել ձայն հաւաքած 21-ը կը համարուին ընտրուած։

Համաժողովին կը մասնակցի նաեւ ՀՀ վարչապետ, ՔՊ անդամ Նիկոլ Փաշինեանը։

Նշենք, որ նախատեսուած է նաեւ վերահսկող յանձնաժողովի նոր կազմի ընտրութիւն։ Յանձնաժողովի 7 տեղերու համար առաջադրուած է 30 թեկնածու։