image

Պայթում եւ զոհ Ջրվէժ գիւղին մէջ (Տեսանիւթ)

Պայթում եւ զոհ Ջրվէժ գիւղին մէջ (Տեսանիւթ)

11 Յուլիսին՝ ժամը 17:29-ին, «911» ծառայութիւնը ահազանգ ստացած է, որ Կոտայքի մարզի Ջրվէժ գիւղին մէջ՝ ճաշարաններէն մէկուն մօտակայքը, տեղի ունեցած է կաթսայատան պայթում, կայ տուժած. անհրաժեշտ է փրկարարներու օգնութիւնը:

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն յայտնած են, որ պայթումը տեղի ունեցած է Ջրվէժ գիւղի 17-րդ փողոցի 6/1 հասցէի վրայ գտնուող քարի արտադրամասի կաթսայատան մէջ: Պայթումի հետեւանքով մահացած է Վ.Շ.-ն (32 տարեկան):