image

Իջեւանի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած. Կան բերման ենթարկուածներ

Իջեւանի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած. Կան բերման  ենթարկուածներ

Իջեւանի մէջ փայտամշակմամբ զբաղուողներու բողոքի ցոյցէն ետք բախումներ տեղի ունեցած են,12 ոստիկան տարբեր մարմնական վնասուածքներ ստացած է, վնասուածքներ ստացած է նաեւ երկու քաղաքացի։

ՀՀ ոստիկանապետը այսօր յայտնած է,որ 19 անձ բերման ենթարկուած է, որոնցմէ 13-ը ձերբակալուած են, վեցի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւն չհեռանալու մասին։ Բացի այդ, այսօր եւս յայտնեցին, որ եւս երկու քաղաքացի բերման ենթարկուած է Իջեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն ետք երէկ երեկոյեան ոստիկանապետը այցելած էր Իջեւան, այսօր Իջեւան ժամանած է նաեւ ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեանը։

Իրաւապահ համակարգի ներկայացուցիչները մարզպետարանէն ներս խորհրդակցութիւն իրականցուցած են:

Այդ ընթացքին ցուցարարները փակած են մարզպետարանի յարակից փողոցը՝ պահանջելով հանդիպում ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանի հետ:

«Մեր ճահել տղերքին հետ բերէք, այսօր կալանաւորուած մեր տղաներին ազատ արձակէք»,- կը վանկարկած էր փողոցը փակած ցուցարարներէն մէկը:

Մեծ թիւով ոստիկաններու միջամտութենէն ետք հնարաւոր եղած է ճանապարհը մասնակի բանալ:

Ցուցարարներուն հետ այս պահուն կը բանակցին Ներքին զօրքերու հրամանատար Վահէ Ղազարեանը եւ ԱԺ պատգամաւոր, Տաւուշի նախկին մարզպետ Վահէ Ղալումեանը: