image

Հայ խաղաղապահներու նոր խումբ մը Աֆղանիստան մեկնեցաւ

Հայ խաղաղապահներու նոր խումբ մը Աֆղանիստան  մեկնեցաւ

Խաղաղապահ ուժերու զօրագունդի հերթական զօրախումբը մեկնած է Աֆղանիստան: Հայ զինծառայողները միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժերու կազմէն ներս խաղաղապահ առաքելութիւն պիտի իրականցնեն Աֆղանիսդանի մէջ: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան կայքը:

Նախքան մեկնումը, զօրամիաւորման հրամանատարութիւնը ուղղութիւններ տուած է անձնակազմին՝ առաքելութեան առանձնայատկութեան մասին, ապա խաղաղ ու անվտանգ ծառայութիւն մաղթած է: