image

«Կարմիր խաչ»ը տակաւին չէ տեսակցած Ատրպէյճան գտնուող հայ զինուորին հետ

«Կարմիր խաչ»ը  տակաւին չէ տեսակցած  Ատրպէյճան գտնուող   հայ  զինուորին  հետ

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն տակաւին  չէ տեսակցած  Ատրպէյճան գտնուող հայ զինծառայող՝ Արայիկ Ղազարեանին հետ: Այս մասին յայտնած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար՝ Զառա Ամաթունին, «Արմենբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ:

«Դեռ զինծառայողի հետ տեսակցութիւն չէ եղած: Մենք երկխօսութեան մէջ ենք իշխանութիւններու հետ»,- ըսած է Ամաթունին:

Ատրպէյճան յայտնուած զինծառայող Արայիկ Ղազարեանի հարցով,  Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն ներգրաւուած է գաղտնի երկկողմանի երկխօսութեան մէջ՝ համապատասխան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Նշենք որ ըստ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան, 12 օգոստոսին  դեռեւս չպարզուած հանգամանքներով, մարտական դիրքը լքած է զինծառայող Արայիկ Ղազարեանը: Ատրպէյճան յայտարարած է որ զինծառայողը կը գտնուի իրենց մօտ :