image

«Պատասխան պիտի ստանան» Պաշտպանութեան նախարարը վրդովմունքով խօսած է Եղեգնաձորի դէպքին մասին

«Պատասխան պիտի ստանան» Պաշտպանութեան նախարարը վրդովմունքով խօսած է Եղեգնաձորի դէպքին մասին

Մեր զինակիցի՝ քոմայի (մահաքունի) մէջ յայտնուիլը պէտք է պատասխան ստանայ։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը՝ անդրադառնալով 17 Սեպտեմբերին Եղեգնաձորի մէջ փոխգնդապետ Արա Մխիթարեանը ծեծի ենթարկելու դէպքին։

Պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ նախաքննութեան այս փուլին Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ որեւէ գնահատական տալը սխալ կ'ըլլայ:

«Մենք հետեւողական պիտի ըլլանք, որ դէպքի հանգամանքները մինչեւ վերջ պարզուին։ Նախաքննութեան, դատաքննութեան փուլերուն արդարութիւնը եւ ազնւութիւնը պէտք է ապահովուած ըլլայ, ան մեր գործընկերն է, եւ մեր զինակիցի քոմայի մէջ յայտնուիլը ոչ մարտական պայմաններու մէջ պէտք է պատասխան ստանայ»,–ընդգծած է Դաւիթ Տօնոյեանը։

Յիշեցնենք, որ 17 սեպտեմբեր 2019ին, ժամը 23:40-ի սահմաններուն, Եղեգնաձոր քաղաքի շէնքերէն մէկու բակին մէջ փոխգնդապետ Արա Մխիթարեանի եւ Վայոց Ձորի մարզպետի օգնական Յարութիւն Գրիգորեանի մասնակցութեամբ ծեծկռտուք տեղի ունեցած է: Դէպքի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 112-րդ յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով։

Նախաքննութեամբ պարզուած է, որ վիճաբանութեան ժամանակ Ենթադրեալ յանցագործութիւն կատարած անձը՝ մարզպետի օգնականը բռունցքով մէկ անգամ հարուածած է սպայի գլխուն, որու հետեւանքով վերջինս վար ինկած է: Արա Մխիթարեանի վիճակը կը շարունակէ մնալ ծայրայեղ ծանր. Ան քոմայի մէջ է։ Վիճաբանութեան ժամանակ բացի Մխիթարեանէն մարմնական վնասուածքներ ստացած են նոյն զօրամասի եւս երկու սպայ: 28–ամեայ Յարութիւն Գրիգորեանը կալանաւորուած է։

Դէպքէն մէկ շաբաթ անց միջադէպի շուրջ ստեղծուած աղմուկով պայմանաւորուած հրաժարական տուաւ Վայոց Ձորի մարզպետ Տրդատ Սարգսեանը։