image

Հանդիսաւոր բացում ՝ «Հայերու Փրկութեան Գործը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ» Միջազգային Գիտաժողովին

Հանդիսաւոր բացում ՝ «Հայերու   Փրկութեան   Գործը   Մերձաւոր  Արեւելքի մէջ» Միջազգային Գիտաժողովին

«Արեւելք»ի Երեւանի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ հովանաւորութեամբ «Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական  Ընկերակցութեան»  (ԱՀԱԸ)  եւ գործակցութեամբ «Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-ինստիտուտ» Հիմնադրամին այսօր  Երեւանի Ծիծեռնակաբերդ  յուշահամալիրի   գլխաւոր դահլիճին մէջ  ընթացք  առաւ  «Հայերի փրկութեան գործը Մերձաւոր Արեւելքում 1915-1923 թուականներին» խոարգիրը կրող միջազգային գիտաժողովը։



 

Գիտաժողովին բացման խօսքը արտասանեց Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի Հիմնադրամի  տնօրէն  պատմաբան՝ Յարութիւն Մարութեան, որ իր խօսքին մէջ կարեւորեց նման գիտաժողովի մը  իրականացումը։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի  կողմէ  գիտաժողովին իր  մասնակցութիւնը  բերող Տ. Ասողիկ   աբղ.  Կարապետեան   հանդէս եկաւ հակիրճ խօսքով,  կարեւորելով նման գիտաժողովներու իրականացումը շեշտը դնելով Հայոց Պատմութենէն դասեր քաղելու կարեւորութեան վրայ։

 


Ապա հեռակապի միջոցաւ իր ողջոյնի խօսքը յղեց՝ «Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան»  գործադիր  տնօրէն Զաւէն Խանճեան, որ իր խօսքին մէջ կարեւորեց նման գիտաժողովներու  իրականացումը յայտնելով նաեւ նման  թեմայի արծարծումը մի  քանի  առումներով նշելով նաեւ, որ ցայսօր ալ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ գոյութեան  պայքար մղել մասնաւորապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ բոլորիս համար ծանօթ պայմաններով։

 


Բացման հանդիսութեան  նոյնպէս  խօսք առին  ՀՀ կրթութեան,  գիտութեան, մշակոյթի  եւ սպորտի նախարարի  խորհրդական՝ Սամուէլ Կարաբեկեան  եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ ՝ Ռէյմոն  Գէորգեան։

Նշենք,  որ  այս գիտաժողովին  իրենց   մասնակցութիւնը  կը բերեն  Հայաստանի, ինչպէս նաեւ սփիւռքի տարբեր հայագաղութներու մէջ գործող հայ եւ օտար պատմաբաններ, գիտաշխատողներ եւ ցեղասպանագէտներ։