image

«Չեմ բաժներ ձեր մտահոգութիւնները». Փաշինեանը հանդիպած է նստացոյց ընող երիտասարդներուն

«Չեմ բաժներ ձեր մտահոգութիւնները». Փաշինեանը հանդիպած է նստացոյց ընող երիտասարդներուն

ՀՀ վարչապետը հանդիպած է բողոքող երիտասարդներուն, զրուցած անոնց հետ եւ փորձած է փարատել անոնց մտահոգութիւնները։

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը չի բաժներ դաշնակցական երիտասարդներու` ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարի առջեւ դրուած պահանջները, չի բաժներ նաեւ անոնց մտահոգութիւնները։ Այս մասին Փաշինեանը ըսած է նախարարութեան դիմաց նստացոյց ընող երիտասարդներուն հետ հանդիպման ժամանակ։

Նշենք, որ ՀՀ վարչապետը այդ ընթացքին կ'երթար ԱԳՆ՝ երիտասարդ դիւանագետներու երդման արարողութեան եւ դիւանագիտական դպրոցի ստեղծման տասնամեակին նուիրուած միջոցառման մասնակցելու, ճանապարհին ան հանդիպած էր ցուցարարներուն եւ խօսած անոնց մտահոգող թեմայի մասին։

Բողոքող երիտասարդները վարչապետին ըսած են, որ ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը կը տապալէ կրթական համակարգը, ինչին ի պատասխան Փաշինեանը նկատած է. «Հայաստանի մէջ Արայիկ Յարութիւնեանը չիրականացներ կրթական ծրագիրը, այլ ՀՀ կառավարութիւնը։ Փորձ կը կատարուի մարդոց տեղեկատւութեան պակասը օգտագործելով` վախեր սերմանել, թէ ինչ-որ մարդիկ աւելի ապազգային են, քան միւսները։ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ երբեք աւելի ազգային կառավարութիւն չէ եղած, քան հիմա է»,–ըսած է Փաշինեանը` աւելցնելով, որ Արայիկ Յարութիւնեանը կաշառք չի վերցներ ընդունելութեան համար, չի թալաներ, անոր համար կը պահանջէք անոր հրաժարականը։

Նստացոյցի մասնակիցները նկատած են, որ ԿԳՄՍ նախարարը կ'արգիլէ իրենց խօսիլ,  կը խուսափի լսելէ իր ընդդիմախօսները` ըսելով` ով խօսի, դաշնակցականները պիտի չխօսին։

Փաշինեանը այդ նախադասութիւնը լռեցնելու փորձ չդիտարկեց եւ խնդրեց փաստերը չնենգափոխել։

«Ինչպէս կրնան ժամանակակից Հայաստանի մէջ անհամաձայնութիւն յայտնող մարդուն չընդունիլ։ Եթէ չլսելու խնդիր կայ, այդ կը շտկուի, բայց հիմա ես եկած եմ ու ձեզ կը լսեմ, չէ՞»,–հարցուցած է վարչապետը։

Վերջաւորութեան երիտասարդները վարչապետին մեթրոյի կտրոն տուին` խնդրելով, որ փոխանցէ Արայիկ Յարութիւնեանին, որ վերջինը մեթրոյով երթայ տուն եւ իմանայ իր մասին ինչ կը խօսին մարդիկ։ Վարչապետը փոխարէնը խոստացած է կտրոնը պահել որպէս ժողովուրդի նուէր։

Յիշեցնենք, որ բողոքի ցոյցը մեկնարկած է 7 նոյեմբերի առաւօտէն, ապա վերածուած նստացոյցի։