image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեանը ցաւակցագիր յղեց Փութինին

Փաշինեանը ցաւակցագիր յղեց Փութինին

Վաչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ցաւակցական հեռագիր յղած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ Անդրպայքալեան երկրամասին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքի կապակցութեամբ։

«Յարգելի Վլատիմիր Վլատիմիրի,

Խոր ցաւով տեղեկացայ Անդրպայքալեան երկրամասի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքի հետեւանքով զոհերու եւ վիրաւորներու մասին: 

Հայ ժողովուրդի եւ անձամբ իմ անունով անկեղծ ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Ձեզ, զոհուածներու ընտանիքներու անդամներուն եւ մերձաւորներուն, իսկ բոլոր տուժածներուն կը մաղթեմ արագ ապաքինում»։ 

Նշենք, որ  Անդրպայքալեան երկրամասին մէջ 43 զբօսաշրջիկներ տեղափոխող հանրակառքը ինկած էր կամրջէն, ուղեւորներէն առնուազն 19-ը զոհուած է: