image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան. Ազգային Ժողովի քուէարկեց 2020 թուականի պիւտճէն

Հայաստան. Ազգային Ժողովի  քուէարկեց  2020 թուականի  պիւտճէն

ՀՀ Ազգային ժողովը ընդունուեց «ՀՀ 2020 թուականի պետական պիւտճէի մասին» օրէնքի նախագիծը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնբրես»ը:

Նախագիծը ընդունուեցաւ 77 կողմ եւ 37 դէմ ձայներով: Քուէարկութենէն ետք քուէարկութեան արդիւնքները արձանագրող լուսատախտակին ցոյց տրուեցաւ 69 կողմ ձայն, սակայն ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ ամավարկի նախագիծին կողմ քուէարկութեան մասին յայտնած են գործուղման մէջ գտնուող պատգամաւորներ՝ Գայանէ Աբրահամեանը, Մարիա Կարապետեանը, Ռուբէն Ռուբինեանը, Արման Եղոյեանը, Աննա Կարապետեանը, Յովհաննէս Յովհաննիսեանը, Մխիթար Հայրապետեանը, Վլատիմիր Վարդանեանը. անոնց ձայները եւս գումարուեցան կողմ քուէարկած պատգամաւորներու ձայներուն:

ՀՀ Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնները յայտարարած էին, որ դէմ պիտի քուէարկեն նախագիծին:

Դեկտեմբեր 5 եւ 6-ին խորհրդարանի մէջ տեղի ունեցած քննարկման ներկայ էին նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու կառավարութեան անդամները:

«Հայաստանի մէջ 2020-ի ամավարկի նախագիծով կը նախատեսուի ունենալ 4,9 տոկոս տնտեսական աճ, որ թոյլ կու տայ ունենալ կառավարելի վտանգներ: Հարկային եկամուտները յաջորդ տարի պիտի ըլլան 0,3 տոկոսով աւելի: 2020-ին հարկային եկամուտներու մասով կը կանխատեսուի 1 թրիլիոն 602 միլիոն դրամի չափ մուտք, որ 0,3 տոկոսային կէտով բարելաւում է: Ընթացիկ ծախսերը կ՛ենթադրուի, որ քիչ մը պիտի նուազին այս տարուան համեմատութեամբ:

Կը սպասուի, որ այս տարուայ 21,7 տոկոս ընթացիկ ծախսեր-ՀՆԱ յարաբերակցութեան փոխարէն ըլլայ 21,5 տոկոս: Կ՛ենթադրուի, որ 2020-ին պիտի ունենանք պակասուրդի 2,6 տոկոս ցուցանիշ»,- ամավարկի նախագիծի ներկայացման ընթացքին նշած էր ՀՀ ելեւմուտքի նախարար Ատոմ Ջանջուղազեանը: