image

Արցախի մէջ երկու զինծառայողներ հրազէնային վիրաւորում ստացած են

Արցախի մէջ երկու զինծառայողներ հրազէնային վիրաւորում ստացած են

24 Յունուարին՝ ժամը 06:55-ի մօտերը, ՊԲ հիւսիային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ, հրազէնային վիրաւորում ստացած են ՊԲ զինծառայողներ, 2001-ի ծնունդ Հենրի-Հայկ Սիմոնի Զաքարեանը եւ 2000-ի ծնունդ Արմէն Ճոնիքի Մեսրոպեանը: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի ՊՆ մամուլի ծառայութենէն: 

Վիրաւորում ստացած զինծառայող Հենրի-Հայկ Սիմոնի Զաքարեանի վիճակը կը գնահատուի ծանր:

Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: