image
Հրատապ լուրեր:

28 Յունուար. Այսօր Հայոց Բանակի օրն է

28 Յունուար. Այսօր Հայոց Բանակի օրն է

Այսօր՝ 28 յունուարին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նշէ Բանակի օրը, ՀՀ ԶՈւ 28-րդ տարեդարձը։ 1992-ին այս օրն ընդունուեցաւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մասին հրամանագիրը, ՀՀ տօնացոյցին մէջ 28 յունուարը ներառուեցաւ 6 յունուար 2001-ին, այսպիսով ՀՀ Բանակի օրը Հայաստանի մէջ կը նշուի արդէն 28-րդ անգամ։  28 յունուարը ոչ աշխատանքային սահմանուեցաւ 2002-էն։

Մինչեւ ՀՀ Զինուած Ուժերու ձեւաւորումը Արցախեան ճակատին Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակման կը դիմակայէին շուրջ 80 կամաւորական ջոկատները, նաեւ կը պաշտպանէին Հայաստանի սահմանները:

Հայկական բանակի ստեղծման ու կայացման փուլերը կ'ընթանայ զուգահեռաբար՝ ՀՀ պետականութեան կազմաւորման ու ամրապնդման հետ։ Բանակն այսօր ալ, շատ փորձագէտներու համոզմամբ,  կը համարուի Հայաստանի ամենակայացած պետական կառոյցը։

ՀՀ Ազգային բանակի համար ամենադժուարին, բայցեւ հերոսական փուլը 1992 թուականի յունիս-1994 թուականի մայիս ժամանակահատուածն էր, երբ Հայաստանի եւ  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնները միասին ըլլալով չյայտարարուած, բայց Ատրպէյճանի հետ փաստացի պատերազմի մէջ,  այն ոչ միայն ստեղծուեցաւ ու կայացաւ, այլեւ թրծուելով Արցախեան պատերազմի կրակներուն մէջ, պաշտպանեց ու ազատագրեց պատմական հայրենիքի զգալի մասը, հակառակորդին հարկադրելով զինադադար հայցել, որն ալ երեք կողմերու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ ստորագրուեցաւ 1994-ի մայիսին՝ Պիշքեկի մէջ, եւ քանի մը օր անց՝ 12 մայիսին, ուժի մէջ մտաւ։

Անկէ ետք, բոլոր այս տարիներուն Ատրպէյճանը գրեթէ ամենօրեայ ռեժիմով խախտած է հրադադարը, պարբերաբար ներխուժման փորձեր ձեռնարկած: Այդ շարքին կ'առանձնանան 2016 թուականի ապրիլեան ռազմական գործողութիւնները, որոնք առաւելապէս յայտնի են Քառօրեայ պատերազմ անունով։ Այդ օրերուն Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակման դիմակայելու եւ հակառակորդը ետ շպրտելու գործն ամբողջութեամբ իրականացուց Հայկական բանակը։ Հայկական բնակավայրերու պաշտպանութեան այդ հերոսական օրերուն արագօրէն կազմաւորուած ու ճակատ մեկնած կամաւորական ջոկատները պարզապէս չհասցուցին մասնակցիլ ռազմական գործողութիւններուն, բայց դարձան համազգային համախմբումով Բանակի կողքին կանգնելու ամենատպաւորիչ վկայութիւնը։

2016-ի ապրիլէն ետք ալ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին, սակայն Հայկական բանակի պաշտպանած առաջնագիծը գիշերային լուսադիտարկման սարքերով համալրումը, ճարտարապետական կառոյցներն ու ամրաշինական աշխատանքները հակառակորդի անակնկալ յարձակումները կը դարձնեն գրեթէ անհնարին։

Շնորհաւոր տօնդ, Հայկական բանակ։