image

Ձիւնի տակ մնացած ու մահացած զինուորներու յետմահու պարգեւ (Լուսանկարներ)

Ձիւնի տակ մնացած ու մահացած զինուորներու յետմահու պարգեւ (Լուսանկարներ)

4-րդ զօրամիաւորման հրամանատար, գնդապետ Ա. Բուդաղեանը ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ժամանակ ցուցաբերած անձնուիրութեան համար յետմահու ՀՀ նախագահի կողմէ պետական պարգեւի արժանացած պայմանագրային զինծառայողներ՝ կրտսեր սերժանտ Տիգրան Արզումանեանի, կրտսեր սերժանտ Նուէր Շահպազեանի եւ շարքային Կարապետ Նազարեանի ծնողներուն յանձնած է «Մարտական ծառայութեան» մետալները: Այս մասին կը յայտնեն նախագահականի լրատւութեան ծառայութենէն։

Զօրամիաւորման հրամանատարը ցաւակցութեան եւ զօրակցութեան խօսքեր ուղղած է 7 փետրուարին Սիւնիքի մարզին մէջ ձիւնի սողանքի հետեւանքով մահացած զինծառայողներու հարազատներուն: