image

Ատրպէյճան անկանոն կերպով կրակ կը բանայ Տաւուշի ուղղութեամբ

Ատրպէյճան անկանոն կերպով կրակ կը բանայ Տաւուշի ուղղութեամբ

SHAMSHYAN.com-ի տեղեկութիւններով՝ երէկ՝ 23 փետրուարին, ատրպէյճանական կողմէն կրակոցներ արձակուած են Տաւուշի մարզի քանի մը բնակավայրերու ուղղութեամբ։

Ինչպէս կը յայտնէ ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանը, կրակոցներու հետեւանքով հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ ՊՆ զինծառայող, որուն կեանքը հնարաւոր եղած է հիւանդանոցի բժիշկներու շնորհիւ փրկել։

Այսօր՝ 24 փետրուարին, վաղ առաւօտէն ատրպէյճանական կողմը անկանոն կրակոցներ կ'արձակէ Կոթի գիւղի ուղղութեամբ։

SHAMSHYAN.com-ը կը ներկայացնէ Կոթի գիւղի բնակչուհիի կողմէ տրամադրուած տեսանիւթը։