image

Մարուքեան մատնացոյց ըրաւ Միլանէն Երեւան ժամանողներուն «վտանգաբեր» ըլլալը

Մարուքեան մատնացոյց ըրաւ Միլանէն Երեւան ժամանողներուն «վտանգաբեր» ըլլալը

Երեւան-Միլան թռիչքները պէտք է դադարեցուին։ Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին յայտնած է «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանը։

«Այնպէս ինչպէս Իրանէն եկած են եւ 14 օր քարանթին չէ կազմակերպուած, հիմա ալ Միլանէն կու գան նոյն կերպ, եւ եթէ «Քորոնա» ժահր յայտնաբերուի այդ մարդոցմէ որեւէ մէկու մօտ, այն ժամանակ նոր իրենց հետ շփուողներն ալ կը մեկուսացնեն։ Ատոր փոխարէն Երեւան-Միլան թռիչքները պէտք է դադարեցուին: Համաճարակի քաղաքներէն կամ երկիրներէն եկած մարդոց պէտք է 14 օրեայ քարանթինային պայմաններու մէջ պահել: Շաբաթ մը առաջ ըսածը չլսելու հետեւանքով հիմա վարակուած անձի հետ շփուածները կը փնտռենք ու կը մեկուսացնենք, երբ կարելի էր ուղղակի Իրանէն ժամանած ուղեւորներու համար քարանթին սահմանել»,-նշած է ան: