image

Վարչապետը յարգեց Ապրիլեանի զոհերու յիշատակը

Վարչապետը յարգեց Ապրիլեանի զոհերու յիշատակը

ՀՀ վարչապետ նիկոլ Փաշինեան, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի ուղեկցութեամբ, այսօր` 2 ապրիլին, այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու 2016թ. Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի եւ Արցախեան ազատամարտին մէջ իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու յիշատակին:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Ն. Փաշինեան ծաղիկներ խոնարհած է Ապրիլեան պատերազմի զոհերու, զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի եւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի շիրիմներուն:

Նիկոլ Փաշինեան ծաղկեպսակ դրած է զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւէրժացնող յուշահամալիրին: