image
Հրատապ լուրեր:

138 նոր դէպք․ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 1928 -ի

138 նոր դէպք․ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 1928 -ի

Հայաստանի մէջ, 10 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 3313 դէպք, որոնցմէ 1325-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1928 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 31 590 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 138 նոր դէպք եւ 58 առողջացած։

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 45 (աւելցած է եւս 1-ով) դէպք:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդը եղած է 74 տարեկան կին եւ ունեցած է ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 3 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդ դէպքերու ընդհանուր թիւը 15 է։