image

Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ով 316 ծանր, 53 ծայրայեղ ծանր հիւանդ կայ

Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ով 316 ծանր, 53 ծայրայեղ ծանր հիւանդ  կայ

«Քորոնա» ժահրի վարակով պայմանաւորուած՝ այս պահի դրութեամբ Հայաստանի մէջ կայ 316 ծանր վիճակի մէջ գտնուող քաղաքացի։ 53 քաղաքացի ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է, 17 քաղաքացի միացուած է թոքերու արհեստական օդափոխութեան սարքերու։

Այս մասին այսօր Պարէտատան նիստէն ետք տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը՝ ներկայացնելով ՀՀ-ի մէջ «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած ընթացիկ իրավիճակը: Նախարարը արձանագրած է, որ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ։

«Մենք կը շարունակենք ծաւալել հիւանդանոցային մահճակալային ֆոնտը՝ յատուկ ծանր վիճակի մէջ յայտնուած հիւանդներու գծով։ Մօտակայ 1-1,5 ամսուան ընթացքին կ'ունենանք եւս 100 մահճակալ ծանր վիճակներու համար։ 50-ը կ'ըլլայ ԱՆ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիւանդանոցի եւ 50-ը «Էրեբունի» հիւանդանոցի մէջ։ Այս պահուն ալ բազմաթիւ հիւանդանոցներ ներգրաւուած են գործընթացին մէջ եւ գրեթէ բոլոր վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ առանձնացուած են հատուածներ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու համար։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի մէջ 28 մայիսի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 442, մահուան՝ 15 նոր դէպք։ Վարակուածներու ընդհանուր թիւը 8216 է, մահուան դէպքերունը՝ 157։