image
Հրատապ լուրեր:

355 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 5715-ի

355 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 5715-ի

Հայաստանի մէջ, 31 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 9282 դէպք, որոնցմէ 3386 ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5715 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 58 065 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 355 նոր դէպք եւ 69 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն այսօր արձանագրուած է 4 մահուան դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 131):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  68, 70, 86  տարեկան տղամարդիկ եւ 54 տարեկան կին, որոնք ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ:

Արձանագրուած է մահուան եւս 2 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 50 է: