image

Արցախի նախագահի արագ-քննութեան արդիւնքը բացասական է

Արցախի նախագահի արագ-քննութեան արդիւնքը բացասական է

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը «Քորոնա» ժահրի արագ քննութիւն յանձնած է, պատասխանը բացասական եղած է, այժմ կը սպասէ PCR քննութեան պատասխանին։ Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած է նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը։

Արայիկ Յարութիւնեանի խօսնակի խօսքով, եթէ քննութեան պատասխանները դրական ըլլան, նախագահը պիտի ինքնամեկուսանայ։

Յիշեցնենք, որ «Քորոնա» ժահր հաստատուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ։ Արայիկ Յարութիւնեանը 28 մայիսին եղած է Հայաստան, շփուած է վարչապետին հետ։