image

Վարչապետի անվտանգութեան համակարգը ուժեղացուած. News.am

Վարչապետի անվտանգութեան համակարգը ուժեղացուած. News.am

NEWS.am–ի տեղեկութիւններով՝ ներքաղաքական իրավիճակով պայմանաւորուած ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ուժեղացուցած է իր եւ ընտանիքի անվտանգութիւնը։

Մասնաւորապէս, դեռ յունիսէն կառավարական առանձնատան պահպանութիւնը, ինչպէս նաեւ վարչապետի անվտանգութիւնն ապահովող ծառայողներու թիւը աւելցած է:

Տեղեկութիւնը ճշդելու նպատակով NEWS.am–ը գրաւոր հարցումներով դիմած էր ՀՀ ԱԱԾ պետական պահպանութեան ծառայութեան, ինչպէս նաեւ վարչապետի աշխատակազմին եւ հետաքրքրուած, թէ 2020–ին նախորդ երկու տարուան համեմատ արդեօք աւելցած կամ պակսա՞ծ է Փաշինեանի եւ անոր ընտանիքի պահպանութիւնը իրականացնող ծառայողներու թիւը, եթէ այո՝ ի՞նչ պատճառով։ Սակայն թէ՛ կառավարութիւնը եւ թէ՛ ԱԱԾ–ն հրաժարած էին պատասխանել՝ յղում կատարելով «Պետական եւ ծառայողական գաղտնիքի մասին» ՀՀ օրէնքին։