image

Պաշտպանութեան Նախարարի տեղակալ՝ Գաբրիէլ Բալայեան վարակուած է «Քորոնա»ով

Պաշտպանութեան Նախարարի տեղակալ՝ Գաբրիէլ Բալայեան վարակուած է «Քորոնա»ով

Այս ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստի ժամանակ յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը յայտարարած է, որ պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Բալայեանը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով։

Ան նշած է, որ թէեւ այսօր նիստին պէտք է ներկայ ըլլար պաշտպանութեան փոխնախարարը, սակայն հիւանդ է եւ յարգելի պատճառով ներկայ չէ:

Ան առողջութիւն մաղթած է պարոն Բալայեանին: «Այս հիւանդութիւնը բոլորիս դուռը կը ծեծէ, բայց կարծես թէ յաջող ընթացք ունինք, առողջացածները երթալով կը շատնան, եւ այդ ազգային ախտամերժութեան (իմունիթեթ) աւելացման հնարաւորութիւն կու տայ»,- ըսած է Անդրանիկ Քոչարեանը: