image

Հայկական կողմը ունի 2 զոհ

Հայկական կողմը  ունի  2  զոհ

Երկու նահատակներ միացան մեր ժողովուրդի փառքը  հիւսող հազարաւոր նուիրեալներու փաղանգին։

Զոհուած են Աւագ Գնդապետ Գարուշ Վէմիրի Համբարձումեանը եւ Գնդապետ Սօս Փայլակի Էլբակեանը։

Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ ՊՆ մամլոյ  խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեանը։

Ստեփանեան մասնաւորապէս գրած է ՝

«Հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիս-արեւելեան հատուածին վրայ՝ հակառակորդին արձակած կրակոցէն զոհուած են զինծառայողներ քսանապետ Գարուշ Վեմիրի Համբարձումեանը եւ հրամանատար Սոս Փայլակի Էլբակեանը:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակացութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն»։