image

ԱԺ Նախագահ Արարատ Միրզոյեան ոգեկոչած է Եզիտիներու Սինճարի սպանդը

ԱԺ Նախագահ Արարատ Միրզոյեան ոգեկոչած է Եզիտիներու Սինճարի սպանդը

 

ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը նշած է, որ 3 օգոստոսին հայ ժողովուրդը Հայաստանի եզիտի համայնքի հետ կ'ոգեկոչէ 6 տարի առաջ Իրաքի հիւսիսը ահաբեկիչներու կողմէ սպանուած եզիտիներու յիշատակը: Այս մասին Միրզոյեանը գրած է «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին:

 

«Այսօր Հայաստանի եզիտի համայնքի հետ մենք կ'ոգեկոչենք 6 տարի առաջ Սինճարի մէջ զոհուած իրենց եղբայրներու եւ քոյրերու յիշատակը։ Իբրեւ ցեղասպանութիւն վերպրած ազգ՝ մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ որեւէ այլ ժողովուրդի նկատմամբ իրականացուած նոյն ոճիրին ականատես ըլլալով»,- գրած է Միրզոյեանը:

2014-ի օգոստոս ամսուան սկիզբը իսլամիստներու զինուած ուժերը գրաւեր են Հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող Սինճար քաղաքը, որ բնակեցուած էր եզիտիներով։ Իրաքի մարդու իրաւունքներու նախարար Մուհամետ Շիա ալ-Սուտանիի յայտարութեան համաձայն. 10 օգոստոսի դրութեամբ ահաբեկիչներու կողմէ սպաննուած է նուազագոյնը 500 եզիտի: 15 Օգոստոսին իսլամիստ ահաբեկիչները եզիտիական փոքր Քոճօ գիւղին մէջ սպաննած են 80 տղամարդ եւ գերի վերցուցած 100 երեխաներ եւ կիներ։