image

Մտքով եւ աղօթքներով Պէյրութի կողքին ենք. Երեւանի քաղաքապետ

Մտքով եւ աղօթքներով Պէյրութի կողքին ենք. Երեւանի քաղաքապետ

Մտքերով ու աղօթքներով եղբայրական Պէյրութին հետ ենք: Իր ֆեյսպուքեան էջին նման գրառում կատարած է Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը եւ տեսանիւթ հրապարկած է, որուն մէջ կ'երեւայ, որ քաղաքապետարանի շէնքը կը լուսաւորուի Լիբանանի եւ Պէյրութի խորհրդանիշերով:

Յիշեցնենք, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն զոհուած է 11 հայ, 250–ն ալ տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած են, կան անհետ կորածներ: Զոհուածներուն մեծ մասին անունները յայտնի են, զգալի թիւ կը կազմեն երիտասարդ աղջիկները։

Ընդհանուր առմամբ՝ պայթումէն զոհուած է 137 մարդ, 5 հազարէն աւելին վիրաւոր է, 80-ն անհետ կորած են։

Լիբանանի իշխանութիւնը տնային կալանքի ենթարկած է նաւահանգիստի ղեկավարութիւնը՝ մինչեւ հետաքննութեան աւարտը: