image
Հրատապ լուրեր:

Սենոր Հասրաթեանը լքեց իր պաշտօնը

Սենոր Հասրաթեանը լքեց իր պաշտօնը

 

Արցախի Հանրապետութեան ՊԲ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Սենոր Հասրաթեանը տեղեկացուցած է, որ կը լքէ Արցախի զինուած ուժերու Տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետի պաշտօնը եւ կը զօրացրուի ՊԲ շարքերէն:

«Այսօր՝ 7 օգոստոսին, աւելի քան 25-ամեայ զինուորական ծառայութենէ ետք՝ իմ զեկուցագրի համաձայն, կը թողեմ Արցախի զինուած ուժերու Տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետի պաշտօնը եւ  կը զօրացրուիմ ՊԲ շարքերէն:

Կը ձգեմ հպարտութեամբ, քանի որ ծառայեր եմ բանակի մը մէջ, որ իր ստեղծման եւ կայացման ճանապարհն անցած է մարտական աշխոյժ գործողութիւններու մէջ տարած փառաւոր յաղթանակներուն զուգահեռ եւ այսօր ալ կը շարունակէ պատիւով կատարել Հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ առաքելութիւնը:

Հակուած եմ կարծելու, որ այն ամէնը, ինչ կեանքի կոչուած է իմ պաշտօնավարման ժամանակահատուածին եւ ռազմատեղեկատուական ոլորտի մէջ զբաղուած տասնեակ ծառայակիցներուս ազնիւ ու բոլորանուէր աշխատանքի շնորհիւ, իր համեստ նպաստը ունի մեր երկրի պաշտպանական համակարգի լիարժէք կենսագործունէութեան ապահովման գործին մէջ: Միաժամանակ, իմ շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնց հետ այս տարիներու ընթացքին պատիւ ունեցած են յարաբերելու մեր մասնագիտական ճակատին մէջ:

Առանձնայատուկ կ'ուզեմ շեշտել եւ մեծարանքի խօսքեր հասցէագրել Արցախի զինուած ուժերու ղեկավարութիւնը ստանձնած բոլոր հրամանատարներուն, մարտական փայլուն ճանապարհ անցած` գործող եւ պաշտօնաթող զօրավարներուն, քանզի անոնցմէ իւրաքանչիւրին ճանչցած ու յարգած եմ որպէս ուրոյն բնաւորութեամբ, մօտեցումներով եւ ձգած մնայուն ժառանգութեամբ ռազմական գործիչներու:

Իմ անկեղծ շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ բանակի վարչութեանն ու ողջ անձնակազմին՝ գիտակցուած ու իմաստալից համատեղ ճանապարհ անցնելու համար եւ կը մաղթեմ ամենալաւն ու բարին:

Համոզուած եմ, որ ինչպէս եղած ենք ուժեղ, կանք ուժեղ, այդպէս ալ պիտի ըլլանք ուժեղ եւ յաղթող:
Պատիւ ունիմ»,- գրած է ան: