image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ երկարաձգուած է արտակարգ դրութիւնը

Արցախի մէջ երկարաձգուած է արտակարգ դրութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի 12 օգոստոսին ստորագրած հրամանագրի համաձայն, հանրապետութեան մէջ 12 ապրիլ 2020-ին յայտարարուած արտակարգ իրավիճակի ժամկէտը երկարաձգուած է եւս մէկ ամիսով՝ մինչեւ 11 սեպտեմբեր, ժամը 22-ը ներառեալ: Այդ մասին կը տեղեկացնէ ԱՀ նախագահի մամուլի ծառայութիւնը։

«Արցախի Հանրապետութեան մէջ արտակարգ իրավիճակ յայտարարելու մասին» հրամանագրին մէջ եւս երկու կարեւոր փոփոխութիւններ կատարուած են.

Այսուհետ անցակէտով կը թոյլատրուի Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն չունեցող անձանց մուտքը Արցախի Հանրապետութեան տարածք՝ Պարէտի որոշումներով սահմանուած յատուկ պայմաններու պահպանման պարագային։ Այսինքն, նշուած պայմաններու պահպանման պարագային Արցախի տարածք մուտք գործելու համար Պարէտի թոյլտւութեան կարիքը պիտի չըլլայ։

Վերանայուած է նաեւ հանրային միջոցառումներու մասնակիցներու թոյլատրելի առաւելագոյն քանակը: Այսուհետ, մարզամշակութային, կրթական, ժամանցային, տօնական եւ յիշատակի միջոցառումները կարելի է կազմակերպել մինչեւ 40 մարդու ընդգրկմամբ՝ նախկին 20-ի փոխարէն:

Հրամանագրէն բխող համապատասխան որոշումները Պարէտը պիտի ստորագրէ յաջորդիվ: