«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ցուցակով խորհրդարան հասած Մանէ Թանտիլեան հրաժարած է Խորհրդարանի անդամութենէն։
Այս մասին Թանտիլեան գրառած է իր դիմատետրի էջով։
Ան նաեւ յայտնած է, որ հրաժարական տալուն եւ քաղաքական կեանքէն հեռանալուն (երեւի առժամաբար) հիմնական դրդապատճառը, իր առողջական վիճակն է։
Թանտիլեան , նաեւ յայտնած է, որ նոյնպէս կը հրաժարի «Լուսաւոր Հայաստան»ի քաղաքական խորհուրդի անդամութենէն։