image

229 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 6 082-ի

229 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 6 082-ի

Հայաստանի մէջ, 14 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 41 299 դէպք, որոնցմէ 34 164-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 6 082 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 181 962 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 276 նոր դէպք եւ  267 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 5 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 814):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 83, 82, 78 տարեկան տղամարդիկ եւ 69, 70 տարեկան կանայք: Բոլորն ալ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մաճուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 239 է: