image

Եթէ փորձեն թիրախ դարձնել Արցախի որեւէ հատուած, ապա ծանր պատասխան պիտի ստանան. Արայիկ Յարութիւնեան

Եթէ փորձեն թիրախ դարձնել Արցախի որեւէ հատուած, ապա ծանր պատասխան պիտի ստանան. Արայիկ Յարութիւնեան

Հաճելի աւանդոյթի համաձայն՝ կրկին հանդիպած էի երիտասարդներու հետ: Այս մասին իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ տեսանիւթ հրապարակած է:

«Հաճելի աւանդոյթի համաձայն՝ կրկին հանդիպած էի երիտասարդներու հետ: Խարոյկի շուրջ աւելի ջերմացած մեր զրոյցը կը վերաբերէր փոխադարձ ակնկալիքներուն ու ընելիքներուն: Երիտասարդութիւնը միշտ պէտք է ըլլայ մեր հասարակութեան շարժիչ ուժը»,- գրած է ան:

Պատասխանելով երիտասարդներու հարցերուն Արցախի նախագահը ըսած է, որ Ատրպէյճանի Կիրովապատը մեր նշանառութեան տակ է. «Եթէ հակառակորդը փոքր արկ մը կամ ռումբ մը արձակէ Ստեփանակերտի վրայ, ապա պատասխանը պիտի ստանայ Կիրովապատի մէջ»: