image

Կրնանք խաղաղութեան հասնիլ, եթէ Ատրպէյճանը մեր նոյն ճիգերը գործադրէ. Փաշինեան խօսած է BBC-ին

Կրնանք խաղաղութեան հասնիլ, եթէ Ատրպէյճանը մեր նոյն ճիգերը գործադրէ. Փաշինեան խօսած է BBC-ին

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան BBC-ի HARDtalk հաղորդման տուած հացազրոյցին անդրադարձած է Ղարաբաղեան հիմնախնդրին նշելով, որ Ատրպէյճանը յարձակած է Հայաստանի վրայ։

Վարչապետը նշած է, որ խաղաղութիւն չի կրնար հաստատուիլ Հայաստանի միակողմանի ջանքերով, Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը մեղադրելով ռազմական հռետորաբանութեան ու հիմնախնդիրը ուժով լուծելու փորձերուն մէջ։ «Արցախը Հայաստան է, եւ վերջ»,- ըսած է Փաշինեան։

«Ինչո՞ւ կ'ըսմ, որ Արցախը Հայաստանն է։ Առաջինը, որովհետեւ Արցախը մի քանի հազար տարի բնակեցուած է բնիկ հայերով։ Եւ, ի դէպ, Արցախ անունը մի քանի հազար տարեկան է»,- նշած է Փաշինեան։

Հաղորդավարը հարցուցած է, թէ Հայաստանը պիտի շարունակէ՞ մնալ Ռուսաստանի դաշնակիցը, թէ՞ պիտի շարժի դէպի Եւրոպական միութիւն ու ՆԱԹՕ։

Նիկոլ Փաշինեան ի պատասխան ընդգծած է, որ Հայաստան կը շարունակէ մնալ Ռուսաստանի ռազմավարական գործընկերը։ Անոր զուգահեռ, Հայաստանը ներքաղաքական բարեփոխումներ կատարելու համար հիմնական աջակցութիւնը կը ստանայ Եւրոպական միութենէն։

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան BBC-ի HARDtalk հաղորդման եթերով անդրադարձած է նաեւ Ռուսաստանի, Եւրոպական Միութեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի հետ Հայաստանի Հանրապետութեան յարաբերութիւններուն: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով՝ Փաշինեան նշած է, որ նշուած երկիրներու բոլորին հետ Հայաստան ունի տարբեր մակարդակներու վրայ, բայց շատ լաւ յարաբերութիւններ:

«Ռուսաստանը Հայաստանի ռազմավարական գործընկերն է անվտանգութեան առումով, մենք Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ ենք. միութիւն, որ ունի բացառապէս տնտեսական ուղղուածութիւն։ Եւ մենք ստորագրած ենք Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիր Եւրամիութեան հետ։ Եւ, ի դէպ, Եւրամիութիւնը մեր հիմնական գործընկերն է բարեփոխումներու օրակարգի իրականացման ճանապարհին։ Մենք բաւականին արդիւնաւէտ կերպով կը համագործակցինք ՆԱԹՕ-ի հետ եւ կը մասնակցինք ՆԱԹՕ-ի խաղաղարար առաքելութիւններուն Աֆղանիստանի, Լիբանանի, Քոսովոյի եւ Մալիի մէջ։ Բացի այդ, մենք արդիւնաւէտ կերպով կը համագործակցինք Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմական ոլորտի մէջ»,- ըսած է Փաշինեան:

Վարչապետը նշած է, որ ռազմավարական գործընկերութիւնը կը նշանակէ երկարաժամկէտ համագործակցութիւն, սակայն Հայաստանը լաւ յարաբերութիւններ ունի Իրանի հետ, նոյնքան լաւ յարաբերութիւններ՝ Միացեալ Նահանգներուն հետ։

Հայաստանը ժողովրդավարական երկիր է, եւ ընդդիմութիւնը ազատօրէն կ'արտայայտէ իր տեսակէտը։ Այս մասին BBC-ի HARDtalk հաղորդման տուած հացազրոյցին ըսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, անդրադառնալով ընդդիմախօսներու քննադատութիւններուն։ «Ես ուրախ եմ, որ Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւնը հիմա կը գործէ աւելի ազատ, քան նախքան յեղափոխութիւնը»,-ըսած է Փաշինեան։

Անդրադառնալով դատական համակարգի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին ու նախկին պաշտօնեաներու նկատմամբ քրէական գործերուն, Նիկոլ Փաշինեան ըսած է․ «Ես չեմ որոշեր, թէ երբ պէտք է կալանաւորել, երբ ազատ արձակել»։