image

Հակառահորդը Արցախի ուղղութեամբ յարձակում սկսած է․ Նիկոլ Փաշինեան

Հակառահորդը Արցախի ուղղութեամբ յարձակում սկսած է․ Նիկոլ Փաշինեան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ֆէյսպուքի էջին գրած է․

Սիրելի ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ, Արցախի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ, Սփիւռքի հպարտ հայութիւն.

Հակառահորդը Արցախի ուղղութեամբ յարձակում սկսած է։ Պաշտպանութեան բանակը յաջողութեամբ կը դիմակայէ յարձակումը։ Իրավիճակը օփերաթիւ զարգացման մէջ է, տեղեկութիւնները ըստ անհրաժեշտութեան կ'ամփոփուին եւ կը հաղորդուին։

Կոչ կ'ընեմ վստահելու միայն պաշտօնական աղբիւրներուն եւ զգօն ըլլալու թշնամական տեղեկատուական հոսանքներուն տրուելէն։

Ամուր կանգնինք մեր պետութեան, մեր բանակի թիկունքին՝ մեր սուրբ հայրենիքի պաշտպանութեան դիրքերուն։ Ու մենք կը յաղթենք։

Կեցցէ՜ հայոց փառապանծ բանակը։ Կեցցէ՜ հայոց պետականութիւնը։ Կեցցէ՜ հայ ժողովուրդը։