image
Հրատապ լուրեր:

«Յաղթանակը մե՛րը պիտի ըլլայ» Արցախի ՊԲ հրամանատար Ճալալ Յարութիւնեանը մարտական կոչով հանդէս եկաւ

«Յաղթանակը մե՛րը պիտի ըլլայ» Արցախի ՊԲ հրամանատար Ճալալ Յարութիւնեանը մարտական կոչով հանդէս եկաւ

Արցախի ՊԲ հրամանատար, զօրավար-մայոր Ճալալ Յարութիւնեանի մարտական կոչը․

Հայրենակիցներ,

2016 թուականի մարտական գործողութիւններէն շուրջ չորս տարի անց հակառակորդը կրկին դիմած է զէնքի ուժին՝ կարծելով, թէ այդ ճանապարհով պիտի կարողանայ յօգուտ իրեն լուծել արցախեան հիմնահարցը: 27 Սեպտեմբերի առաւօտեան ատրպէյճանական բանակը հրթիռահրետանային նախապատրաստութենէն ու ԱԹՍ  հարուածներէն ետք յարձակման անցած է շփման գիծի ամբողջ երկարութեամբ:  Այս պահուն ՊԲ  ստորաբաժանումները, հակառակորդին մեծաթիւ կորուստներ պատճառելով, յաջողութեամբ կը խափանեն անոր ծրագրերը: Այդ ծրագրերը մեզի յայտնի են վաղուց, անոնց էութիւնը կարելի է արտայայտել մէկ բառակապակցութեամբ՝ հայաթափել Արցախն ու Հայաստանը:

Վստահ եղէք, այս անգամ եւս հակառակորդը պիտի ձախողի: Յաղթանակը հեշտ պիտի չտրուի: Իր բնոյթին հաւատարիմ՝ հակառակորդը պիտի թիրախաւորէ խաղաղ բնակավայրերն ու քաղաքացիական բնակչութիւնը,  ան տարբերութիւն պիտի չդնէ զինուորի ու մանկահասակ երեխայի, հոգեւորականի ու տարեց կնոջ, հասուն տղամարդու եւ անօգնական ծերունիի միջեւ. անոր թիրախը բոլորս ենք: Յաղթանակը պիտի պահանջէ ուժերու գերլարում եւ երկաթակուռ միասնութիւն: Հիմա մէկ կողմ պէտք է դրուին բոլոր տարակարծութիւնները, բոլոր տեսակէտները, բոլոր  կարծիքները: Մեր նպատակը մէկն է՝ ջախջախել հակառակորդը բոլոր հնարաւոր միջոցներով, խորտակիչ հարուածներ հասցնել անոր զինուած աւազակախումբերուն, ոչնչացնել անոր ռազմական ենթակառուցուածքը,  անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ ընդարձակել անվտանգութեան գօտին ու պարտադրել վերջնական խաղաղութիւն:

Այդ խնդիրը կատարելու համար պէտք է մէկտեղուին բոլորիս ջանքերը:

Մեր յաղթանակն այլընտրանք չունի. մենք կը պաշտպանենք մեր նախնիներուն շիրիմներն ու մեր երեխաներուն ապագան: Մենք կը պաշտպանենք մեր նախնիներուն հողի վրայ  ապրելու իրաւունքը:

Մեզի հետ է ամբողջ հայ ժողովուրդը:

Մեզի հետ է արդարութիւնը:

Մեզի հետ է Աստուած:

Յաղթանակը մե՛րը պիտի ըլլայ: