image

Պատրաստեցէք ձեզ յաղթանակի, նուիրումի, զոհողութեան, որովհետեւ սա վճռական ժամանակ է. Նիկոլ Փաշինեան

Պատրաստեցէք ձեզ յաղթանակի, նուիրումի, զոհողութեան, որովհետեւ սա վճռական ժամանակ է. Նիկոլ Փաշինեան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ԱԺ-ի մէջ յատուկ նիստի ժամանակ զեկոյցի ընթացքին յայտարարած է.

«Մենք ամուր պիտի կանգնենք մեր ոտքերուն վրայ եւ պաշտպանենք սրբազան հողի վրայ ապրելու իրաւունքը: Այսօր ես չեմ եկած ըսելու որպէս գերագոյն հրամանատար, թէ ինչի պատրաստ են մեր զինուորները, մեր զօրավարները, այսօր եկած եմ ըսելու, թէ ինչի պատրաստ եմ ես: Ես պատրաստ եմ զոհուելու յանուն մեր հայրենիքի, հայ ժողովուրդը ծնրադիր չէ եղած եւ չըլլար: Հայ ժողովուրդը ամուր ողնաշարով , պարզ միտքով պէտք է կանգնի այս հողին վրայ, եւ երբ որ կ'ըսենք՝ մենք բոլորս զինուորներ ենք, եւ կը ծափահարենք, մենք կ'ըսենք մէկ բան՝ ծեր թէ երիտասարդ, կին թէ տղամարդ, պաշտօնեայ թէ գործազուրկ, միայն մէկ ուղերձ ունինք յղելու իրար եւ աշժխարհին. պէտք է նայինք իրար աչքերու մէջ ու ըսենք. մենք պատրաստ ենք զոհուելու յանուն հայրենիքի, մենք մեր հայրենիքը ոչ մէկ մմ չենք զիջիր, մենք պէտք է յաղթենք, որովհետեւ այլընտրանք չունինք, հայ ժողովուրդը պէտք է գոյութիւն ունենայ յաւիտեան, Արցախը պէտք է ապրի, պէտք է ինքնորշուի, ըլլայ ինքնուրոյն, հզօր, անկախ, եւ ուրեմն մեր այսօրուան նիստը վճռականութեան ու յաղթանակի մասին է, պատրաստեցէք ձեզ յաղթանակի, նուիրումի, զոհողութեան, որովհետեւ սա վճռական ժամանակ է: Մենք միասնական ենք, քան երբեւէ, եւ ուրեմն կեցցէ ազատութիւնը, կեցցէ ՀՀ-ն, կեցցէ ԱՀ-ն ու կեցցենք մենք եւ մեր երեխաները, որ պիտի ապրինք ազատ եւ անկախ Հայաստանի մէջ, ազատ եւ անկախ Արցախի մէջ, փառք հայոց բանակին, փառք Արցախին»,-բացականչած է վարչապետը:

Ներկաները ծափահարութիւններով ողջունած են անոր յայտարարութիւնը: