image

«Ռուսաստան միշ ալ ներկայ է Արցախցիներու պատմական յիշողութեան մէջ» Արայիկ Յարութիւնեան

«Ռուսաստան միշ ալ ներկայ է Արցախցիներու պատմական յիշողութեան մէջ» Արայիկ Յարութիւնեան

ԱՀ նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան բաց նամակ յղած է  ՌԴ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինին, ուր սկսած է անդրադարձ կատարելով Արցախի եւ Ռուսաստանի առնչութիւններու դարերու պատմութեան

«Ռուսաստանը արցախցիներու պատմական յիշողութեան մէջ կ'ընկալուի, որպէս եղբայրական երկիր, որ միշտ, բոլոր դժուար իրավիճակներուն ձեռք մեկնած է հայութեան այս հատուածին»:

Արցախի նախագահը նշած է թէ «Մէկ հարիւրամեակէն աւելի, Ղարաբաղը գտնուած է ձարական Ռուսաստանի կազմէն ներս: Այդ պատմական ժամանակաշրջանը Ղարաբաղի համար նշանաւորուած է երկարատեւ խաղաղութեամբ, հայրենադարձութեամբ եւ տնտեսական զարգացմամբ»: Ան նշած է, որ Արցախի վարչաքաղաքական կեդրոն՝ Շուշին դարձած էր Անդրկովկասի հոգեւոր, մշակութային եւ տնտեսական կարեւոր կեդրոններէն մէկը:

Նախագահը յիշած է թէ Արցախի եւ Ռուսաստանի առնչութիւնները շարունակուած են նաեւ խորհրդային շրջանին: «Հայրենական մեծ պատերազմի ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզէն եւ պատմական Արցախէն Հայրենական մեծ պատերազմին մասնակցած է շուրջ 90 հազար հայորդի, որոնց կէսը իրենց կեանքը նուիրաբերած են հայրենիքի պաշտպանութեան գործին»։

Նախագահը անուանած է ԽՍՀՄ հայազգի հինգ մարշալները, որոնք արմատներով Արցախէն էին: Ինչպէս նաեւ իրենց զօրավարական տաղանդով փայլած են 30-էն աւելի զօրավարներ ու հազարաւոր սպաներ։

Նախագահը շարունակած է,- «Արցախ-Ռուսաստան սերտ առնչութիւնները կը շարունակուին ցայսօր: Ռուսաստանաբնակ մօտ 3 միլիոն հայերու մէկ պատկառելի մասը Արցախէն է, որոնց կարգին շատ են նաեւ 1980-ական թուականներու վերջին եւ 1990-ական թուականներու ատրպէյճանական ցեղասպան եւ ցեղային զտումներու քաղաքականութեան հետեւանքով Արցախէն բռնի տեղահանուածները»:

«Կը ցանկայի յատուկ շեշտել, որ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բոլոր փուլերուն ՌԴ իրացուցած է միջազգային իրաւունքով սահմանուած ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման եւ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման սկզբունքի օգտին ունեցած գործելակերպը: Ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին ՌԴ հանդէս կու գայ թէ՛ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով եւ թէ՛ առանձին դերակատարութեամբ: Արցախի Հանրապետութիւնը բարձր կը գնահատէ Ռուսաստանի միջնորդական ջանքերը, աշխոյժ դերակատարութիւնը եւ որոշիչ առաքելութիւնը հակամարտութեան կարգաւորման բոլոր փուլերուն՝ յատկապէս, 1994-ի հրադադարի Եռակողմ համաձայնագրի ձեռքբերման գործով: ՌԴ որոշիչ դերակատարութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան սրման հերթական փուլին՝ 2016-ի 5 ապրիլին՝ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ հրադադարը վերականգնելու մասին՝ համաձայն 1994-ի հրադադարի հաստատման համաձայնագրին»:

Յարութիւնեան իր նամակին մէջ բարձր գնահատած է ՌԴ եւ անձամբ Փութինի դիւանագիտական գործուն ջանքերը՝ ուղղուած Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի դէմ սանձազերծուած յարձակման եւ լայնածաւալ պատերազմը կանգնեցնելուն: Նաեւ անդրադարձած է «Վալտայ» ակումբի ՌԴ նախագահի ելոյթին հնչած առարկայական գնահատականները ստեղծուած իրավիճակի մասին «Այս հակամարտութիւնը սկսաւ ոչ թէ որպէս միջպետական հակամարտութիւն եւ տարածքներու համար պայքար, ան սկսաւ ցեղային դիմակայութենէն»:

«Դժբախտաբար, այս ցեղասպան քաղաքականութիւնը Ատրպէյճանը կը շարունակէ առ այսօր»,- գրած է Յարութիւնեան ապա դիմելով Փութինին եզրափակած է.-

«Դուք այն անհատականութիւնը եւ պետութեան ղեկավարն էք, որ ունի հսկայական հեղինակութիւն աշխարհի եւ մեր տարածաշրջանի մէջ: Հաշուի առնելով այդ ամէնը, կը խնդրենք ձեզմէ գործադրել բոլոր հնարաւոր ջանքերը ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ պատերազմի դադրեցման եւ քաղաքական գործընթացներու վերսկսման ուղղութեամբ:

Խորին յարգանքով՝

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան»։