image

Հրաժարական տուած է Կրթութեան նախարարի Տեղակալ Նարինէ Թուխիկեան

Հրաժարական տուած է Կրթութեան նախարարի Տեղակալ Նարինէ Թուխիկեան

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարի տեղակալ Նարինէ Խաչատուրեանը (Թուխիկեան) վարչապետի որոշմամբ ազատուած է զբաղցուցած պաշտօնէն։

«Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 9-րդ յօդուածի 1-ին մասով՝

Նարինէ Խաչատուրեանին ազատել կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարի տեղակալի պաշտօնից»,- ըսուած է վարչապետի որոշման մէջ։

Նշենք, որ նախօրէին փոխնախարարի մասնակցութեամբ միջադէպ տեղի ունեցած էր Նկարիչներու միութեան մէջ: Ցուցահանդէսի ժամանակ, երբ լրագրողը փորձած է փոխնախարարէն հարցազրոյց վերցնել, մշակոյթի ոլորտէն կին էր մօտեցած եւ սկսած է վիրաւորել՝ անոր անուանելով դաւաճանած իշխանութեան ներկայացուցիչ։