image
Հրատապ լուրեր:

Միրզոյեանի թիկնազօրի թիւն աւելցած է

Միրզոյեանի թիկնազօրի թիւն աւելցած է

 

ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանի ծեծի ենթարկուելէն ետք, անոր թիկնազօրը քառապատկուած է: ԱԱԾ Պետական պահպանութեան ծառայութեան 2 աշխատակիցներու փոխարէն այժմ անոր կը հսկեն 8-ը: Ընդ որում Միրզոյեանին կը հսկեն նաեւ տան մէջ, այսինքն՝ ամէնուր: Այս մասին գրած է Hraparak.am-ը:

ԱԱԾ մէկ աշխատակից ալ՝ մայոր զինուորական կոչմամբ, կը հսկէ ԿԳՍՄ նախկին նախարար, այժմ վարչապետի խորհրդական Արայիկ Յարութիւնեանին, վերջերս ալ վարչապետը զրահաբաճկոնով եկած էր ԱԺ, ուստի ակնյայտ է, որ իշխանականները շատ լուրջ կը մտահոգուին իրենց անվտանգութեան համար: Այն որ Միրզոյեանի թիկնազօրը քառապատկուած է, կ'երեւայ նաեւ կից տեսանիւթին մէջ: