image

ՀՀ Ազգային Ժողովը կրնայ լուծարուիլ. «Հայկական Ժամանակ»

ՀՀ Ազգային Ժողովը կրնայ լուծարուիլ. «Հայկական  Ժամանակ»

ՀԺ-ի տեղեկութիւններով՝ ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան մէջ կը շրջանառուի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծ մը, որուն ընդունուելու պարագային Ազգային ժողովը կրնայ ինքնալուծարուիլ:

Փոփոխութեան բնոյթը Սահմանադրութեան 92-րդ յօդուածին մէջ այնպիսի լրացում կատարելն է, որուն համաձայն՝ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնը կ'իրականացուի նաեւ Ազգային ժողովի առնուազն երեք հինգերորդով ընդունուած որոշմամբ Ազգային ժողովի արձակուելու պարագային:

Կ'առաջարկուի նաեւ ամրագրել, որ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնը կ'իրականացուի Ազգային ժողովի արձակուելէն ոչ շուտ, քան քառասուն, եւ ոչ ուշ, քան յիսունհինգ օր յետոյ  (գործող կարգաւորման մէջ ընտրութիւնը կ'իրականացուի ոչ շուտ, քան երեսուն, եւ ոչ ուշ քան քառասունհինգ օր յետոյ):

Գործող Սահմանադրութեամբ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւն կը նշանակուի միայն այն պարագային, երբ վարչապետի հրաժարականէն ետք 2 անգամ 7-օրեայ ժամկէտի մէջ Ազգային ժողովը պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ չընտրեր նոր վարչապետ:

Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները չեն համաձայնիր Փաշինեանի հրաժարականի պարագային նոր թեկնածու չառաջադրել, ինչը տեսականօրէն կը նշանակէ, որ Փաշինեանի հրաժարականէն ետք ԱԺ-ն այլ վարչապետ կրնայ ընտրել: