image

Փաշինեան այցելած է Վայոց Ձոր

Փաշինեան այցելած է Վայոց Ձոր

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինաենն այցելած է Վայոց Ձորի մարզի Ռինդ համայնք: Ան յարգանքի տուրք մատուցած է Արցախեան պատերազմին նահատակուած հերոսներու յիշատակին, ծաղիկներ խոնարհած է անոնց շիրիմներուն եւ հանդիպած է նահատակուածներու ծնողներուն ու հարազատներուն հետ:

Վարչապետը հանդիպած է մարզի մի քանի համայնքներու բնակիչներու հետ, այցելած է նորակառոյց նախակրթարան եւ ծանօթացած ճանապարհաշինական աշխատանքներու ընթացքին։

 

Լուսանկարները՝ «Հայկական ժամանակի»