image
Հրատապ լուրեր:

Հայ-ատրպէճանական սահմանին ականի պայթում.Կայ 1 վիրաւոր

Հայ-ատրպէճանական սահմանին ականի պայթում.Կայ 1 վիրաւոր

Օրեր առաջ արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Տաւուշի մարզի սահմանային գօտիին վրայ:

16 Ապրիլին՝ ժամը 09:30-ի սահմաններուն «Իջեւան» բժշկական կեդրոնէն ոստիկանութեան Իջեւանի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ «աջ ոտքի ստորին երրորդականի անդամահատում» ախտորոշմամբ իրենց մօտ տեղափոխուած է քաղաքացի մը:

Ոստիկանները պարզած են, որ վիրաւորը Տաւուշի մարզի Ազատամուտ գիւղի բնակիչ, 59-ամեայ Նոտար Միրզոյեանն է, որ նշուած վնասուածքը ստացած է նոյն օրը՝ ժամը 09:00-ի սահմաններուն Կայանաւան համայնքի վարչական տարածքի հանդամասին մէջ հայ-ատրպէյճանական սահմանին «ծնեբեկ» հաւաքելու ժամանակ ականի վրայ կանգնելու եւ պայթելու հետեւանքով:

Կայքի տեղեկութիւններով՝ ոստիկանութեան Իջեւանի բաժնին մէջ նախապատրաստուած նիւթերը փոխանցուած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական ոստիկանութեան Իջեւանի ռազմական ոստիկանութիւն:

 

Աղբիւրը՝Shamshyan.com