image

Թուրք Գիտնականը 2 Գիտնականներու Հետ Նոպէլեան Մրցանակին Տիրացաւ

Թուրք Գիտնականը  2  Գիտնականներու Հետ Նոպէլեան Մրցանակին Տիրացաւ

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»)Ազգութեամբ թուրք  գիտնական՝ Ազիզ Սանքար          ամերիկացի եւ շուէտացի  գիտնականներու հետ   2015  տարուան քիմիագիտութեան նոպէլեան մրցանակին տիրացաւ: Այս մասին կը գրէ  թրքական  «Տէյլի Սապահ»ը: Թերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ գիտնականները     մրցանակին համար ստացած են     969.000 ամերիկեան տոլարի     պատկառելի  գումար մը: Նշենք, որ ամերիկացի գիտնակաը կը կոչուի Փօլ Մոտրիչ   իսկ շուէտացին ՝  Թովմաս Լինտհալ:  Նշենք, որ թուրք գիտնականը     հաստատուած  է ամերիկեան «Նորթ   Քարոլայնա»   նահանգին մէջ: Գիտնականները այս մրցանակին   տիրացած են  քաղցեղի դէմ պայքարին մէջ իրենց բերած նորութեանց եւ  մարդկային բջիջներու  վերանորոգման  առընթեր  իրենց ներկայացուցած        գիւտերուն համար: