image

Ռաքքայի պատերազմը քանի մը օրէն պիտի սկսի. Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար

Ռաքքայի պատերազմը քանի մը օրէն պիտի սկսի. Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժան Իվ լը Տրիան յայտարարած է, որ Ռաքքան վերհասկողութեան տակ առնելու մարտերը սկիզբ պիտի առնեն յառաջիկայ օրերու ընթացքին: Այս մասին լը Տրիան խօսած է  «CNews» ալիքին հետ հարցազրոյցի ժամանակ, նշելով, որ «Այսօր մենք կրնանք ըսել, որ Ռաքքան համարեայ շրջափակուած է եւ անոր ազատագրման մարտերը օրերու ընթացքին կը սկսին»:

 

ֆրանսացի նախարարը սակայն, տեղեկութիւն չէ հաղորդած՝ ցամաքային ուժերու Ռաքքա մտնելու եւ մարտերուն մասնակցելու մասին:

 

Որոշ  զեկոյցներ կը հաղորդեն, որ «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր»ը առանձին պիտի վարէ Ռաքքայի մէջ ռազմական գործողութիւնները՝ Միջազգային դաշինքի աջակցութեամբ: