image

Մահապատիժի վերականգնումը «կարմիր գիծերէն» ամենակարմիրն է. Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչ

Մահապատիժի վերականգնումը «կարմիր գիծերէն» ամենակարմիրն է. Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչ

Երէկ առաւօտեան Պրիւքսէլի մէջ կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ Եւրոպական յանձնաժողովի պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարկարիթաս Սխինաս յայտարարած էր․ - «Հաշուի առնելով դիտորդներու կողմէ ներկայացուած զեկոյցները, քուէներու ոչ մեծ տարբերութիւնը եւ այն հեռուն գացող հետեւանքները, որ կրնան ունենալ սահմանադրական այս փոփոխութիւնները Թուրքիոյ համար, մենք կոչ կ'ընենք այդ երկրի կառավարութեան լրջօրէն հաշուարկել յետագայ գործողութիւնները եւ հնարաւորինս լայն հասարակական համաձայնութեան հասնիլ հանրաքուէին յաջորդող ժամանակահատուածին: Կոչ կ'ընենք քաղաքական դաշտի բոլոր դերակատարներուն զսպուածութիւն ցուցաբերել: Թրքական կառավարութեան ալ կոչ կ'ընենք դիտորդներու կողմէ յայտնաբերուած խախտումներու առթիւ թափանցիկ հետաքննութիւն սկսել»:

Անդրադառնալով Թուրքիայէն հնչող յայտարարութիւններուն, թէ նոր Սահմանադրութեան ուժի մէջ մտնելէն ետք երկրի քրէական օրէնսգիրքով սահմանուած պատժաչափերու ցանկին կրնայ մահապատիժը յայտնուիլ, Սխինաս ըսած է․ - «Կարելի է ըսել, որ մահապատժի վերականգնումը «կարմիր գիծերէն» ամենակարմիրն է: Այս հարցին մէջ հռետորաբանութենէն յստակ գործողութիւններու անցնիլը միայն մէկ բան կրնայ նշանակել, որ Թուրքիան չուզեր մաս կազմել եւրոպական ընտանիքին»:

Եւրամիութեան անդամ որոշ պետութիւններու ներկայացուցիչներու համոզմամբ ալ, Պրիւքսէլ պէտք չէ սպասէ Անգարայի յետագայ քայլերուն` յայտարարելով ռազմավարութեան կտրուկ փոփոխութեան մասին: