image

Թուրք-քրտական բախում Շըրնաքի մէջ. Կան զոհեր եւ վիրաւորներ

Թուրք-քրտական բախում Շըրնաքի մէջ. Կան զոհեր եւ վիրաւորներ

21 Ապրիլին առաւօտեան «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (ՔԲԿ-PKK) զինեալները յարձակած են Թուրքիոի Շըրնաք նահանգի Անտաչ (Պէյթուշշեպափ եւ Ուլուտերէ շրջաններուն միջեւ) բնակավայրին մէջ գտնուող ռազմակայանին վրայ:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Haberler» լրատուամիջոցը, վկայակոչելով «Dogan» լրատուական գործակալութիւնը, կը նշէ, որ յարձակման հետեւանքով սպաննուած է 2 զինուորական, 2 զինուոր ալ վիրաւորուած է: Բախման վայրին մէջ թրքական ուժերուն օգնութեան հասած են լրացուցիչ ուժեր: Տարածքին մէջ վերջիններուս կողմէ սկսած են լայնածաւալ գործողութիւններ քիւրտ զինեալներու դէմ:

Աղբիւրին համաձայն՝ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին Թուրքիոյ Շըրնաք, Հաքքարի, Տիարպեքիր, Պիթլիս եւ Պաթման նահանգներուն մէջ իրականացուած ռազմական գործողութիւններուն ժամանակ սպաննուած է 45 քիւրտ զինեալ: