image

Սուրիոյ երրորդ մեծագոյն քաղաք Հոմսը ամբողջութեամբ ազատագրուեցաւ

Սուրիոյ երրորդ մեծագոյն քաղաք Հոմսը ամբողջութեամբ ազատագրուեցաւ

Սուրիոյ երրորդ մեծագոյն քաղաք Հոմսը ամբողջոութեամբ ազատագրուած է զինեալ ահաբեկիչներու ձեռքէն: Այս մասին կը տեղկացնէ FSNN լրատուականը, նշելով, որ Հոմսի կեդրոնական Ալ-Ուաըր թաղամասի հրապարակին մէջ երէկ բարձրացուած է Սուրիոյ պետական դրօշը եւ քաղաքին մէջ տիրած է տօնական տրամադրութիւն:

Ալ-Ուաըրը Հոմսի վերջին թաղամասն էր, ուր կը շարունակէին գտնուիլ զինուած գրոհայիններ: Երէկ անոնց վերջին խումբը արդէն լքած է Հոմսը, որմէ ետք քաղաքը ամբողջովին անցած է սուրիական կառավարական ուժերու հսկողութեան տակ:

Դրօշի բարձրացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Հոմսի նահանգապետ Թալալ Պարազիի անմիջական մասնակցութեամբ:

Յիշեցնենք, որ Ալ-Ուաըր շրջանը 2013-էն ի վեր Սուրիոյ բանակի կողմէ շրջաբակման մէջ կը գտնուէր եւ վերջերս ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ, շրջանը շրջափակումէ դուրս եկած էր եւ 11 փուլով՝ քաղաքը լքած է 17.000 մարդ, որոնցմէ մօտ 3.500-ը գրոհային: