image

Իրանի նախագահ. «Եթէ Ամերիկա շարունակէ իր պատիժները մենք պիտի քաշուինք միջուկային համաձայնութենէն»

Իրանի նախագահ. «Եթէ Ամերիկա շարունակէ  իր պատիժները մենք պիտի քաշուինք միջուկային համաձայնութենէն»

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան  վերընտրուած նախագահ՝ Հասան Ռոհանի երկրի ազգային ժողովի յատուկ հանդիպման ընթացքին, զգուշացուցած է որ եթէ ամերիկեան կառավարութիւնը շարունակէ իր միջազգային պատիժներու քաղաքականութիւնը՝ Իրանի  դէմ , ապա   իրենք  մտադիր են   քաշուիլ  միջուկային համաձայնութենէն:

Այս մասին տեղեկութիւնը  տուած է Իրանի պետական   կայանը:

Ըստ տեղեկութեան՝ Իրանի նախագահը յայտնած է իր զայրոյթը Ամերիկայի նախագահ՝ Տոնալտ Թրամբին դէմ  եւ նշած, թէ Թրամբ լուրջի չէ առած  երկու երկիրներու միջեւ կնքուած համաձայնութիւնները, եւ չէ յարգած համաձայնութեան զգայուն կէտերը:

Հասան Ռոհանի  ըսած է. «Եթէ վիճակը այսպէս շարունակուի, մենք պիտի հրաժարինք միջուկային համաձայնութենէն, եւ պիտի դառնանք մեր երկրի նախկին քաղաքական համակարգին՝ աւելի ուժեղ կերպով»: