image

Սէուտական Արաբիա. «Ճատտա» քաղաքի 6 պատմական կառոյցներու մէջ հրդեհ

Սէուտական Արաբիա. «Ճատտա» քաղաքի 6 պատմական կառոյցներու մէջ հրդեհ

Սէուտական  Արաբիոյ «Ճատտա» քաղաքին մէջ պատմական 6 կառոյցներու մէջ  հրդեհ բռնկած է:

Այս մասին տեղեկութիւն տուած է համացանցային «Սապաք»   կայքը:

Ըստ թերթին՝ 6 կառոյցներէն մէկը հրդեհի մատնուած է ելեկտրականութեան սխալ միացումներու պատճառաւ, ապա՝ հրդեհը տարածուած է եւ հասած է կողքի 5 պատմական կառոյցներուն:

Նշենք, որ կառոյցներուն շուրջը կային նաեւ բնակելի շէնքեր, որոնք ազդուած են բռնուած հրդեհէն:

Քաղաքի անվտանգութեան ծառայութեան հրշէջները յաջողած են  մարել   հրդեհը  են փրկել բոլոր 60 բնակիչները:

Ըստ  քաղաքի ԱԻՆ-ի գլխաւոր պատասխանատուի մը՝ 6 պատմական կառոյցներէն 3-ը   աւերուած են:

Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնը խոստացած է վերանորոգել վնասուած բոլոր կառոյցները, եւ  ապահովել բնակիչներուն պէտք եղած փոխհատուցումները: